ՅՈՅՍ՝ դժուար ժամանակներու համար

Կրնայ ըլլալ, որ ապրած ես անկանխատեսելի ողբերգութիւն մը եւ վստահ չես ի՛նչպէս յաղթահարել կացութիւնը եւ յառաջ երթալ: Կամ կրնայ ըլլալ, որ առողջական հարց մը ունիս եւ միջոց չունիս բժիշկի երթալու: Գիտեմ, որ շատեր օրը օրին կ’ապրին եւ չեն գիտեր, թէ ո՛ւրկէ պիտի գայ իրենց յաջորդ կերակուրը:

Երբ անհաւատալիօրէն դժուար բանէ մը կ’անցնինք, կրնանք փորձուիլ հրաժարիլ եւ յանձնուիլ: Սակայն լաւագոյն բանը, որ կրնանք ընել մեր վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ դնելն է եւ յոյսով լեցուն մնալը: Բայց ճիշդ ի՞նչ է յոյսը:

Յոյսը այն վստահ ակնկալութիւնն է, որ լաւ բան մը պիտի պատահի: Անիկա մօտէն կապուած է մեր հաւատքին եւ մեր հաւատացած բաներուն կամ համոզումներուն հետ: Երբ կը համարձակինք յուսալ, մեր կեանքը կը յորդի ուրախութիւնով եւ խաղաղութիւնով:

Թշնամին կ’ուզէ, որ անյոյս ըլլանք: Ան կ’ուզէ մեզի համոզել, թէ ամէն բան կորսնցուցած ենք եւ թէ որեւէ բան երբեւէ լաւ պիտի չըլլայ: Բայց Աստուած կ’ուզէ, որ յոյսով լեցուն ըլլանք՝ հաւատալով եւ մեծ բաներ ակնկալելով Իրմէ: Իրականութեան մէջ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Ան «յոյսի Աստուած»ն է (տե՛ս Հռոմայեցիներուն 15.13)՝ գութով եւ նոր սկիզբներով լեցուն:

ՕԳՆԷ՛ ԻՆԾԻ, ԵՍ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԱԾ ԵՄ

Յուսահատուած, ընկճուած, քանդուած կեանք ապրիլը Աստուծոյ կամքը չէ:
Facebook icon Twitter icon Instagram icon Pinterest icon Google+ icon YouTube icon LinkedIn icon Contact icon